top of page

ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ - Ռիթա Նուրեան

Վահրամ Մավեանի «Անկապ օրագիր» գրութեան հետեւութեամբ՝ մեր աշակերտները կը ներկայացնեն իրենց ապրումները:

Հեռաւոր Յիշատակ Մը

Երեք տարի անցած է այն օրէն որ քեզմէ հեռացած եմ, բայց դեռ կը փնտռեմ քեզ` քու տաքութիւնդ ու բոլոր յատկանիշներդ։

Թէեւ դուն միշտ նոյն տեղը կը գտնուիս, սակայն անհասանելի դարձած ես ինծի համար։ Ես միշտ կը փորձեմ գիրկդ հասնիլ, սակայն չեմ կրնար մտնել քու դռներէդ ներս։ Կ՛ուզեմ դարձեալ քու գուրգուրանգդ զգալ, բայց կը տեսնեմ որ ուրիշին ձեռքերուն մէջն ես արդէն։ Ես կը մնամ քու պատերէդ դուրս, ուրկէ միայն կրնամ քեզ հեռուէն դիտել։ Կարծես՝ թանգարան այցելած եմ եւ դուն հոն զետեղուած անխօս արձանն ես, որուն վրայ անվերջ կը հիանամ։ Յաճախ կը զգամ որ միայն ես կը կարօտնամ քեզ, մինչդեռ դուն անտարբեր ես ու զիս մոռցած:

Միայն գիտնաս ինչքան տխուր էի, երբ հեռացայ քեզմէ՝ բաժանումիս ընկերացաւ նաեւ այնպիսի հետեւողութիւններ, որոնք անկարելի է մտահան ընել: Քեզ ձգելով, ձգեցի նաեւ ամբողջ մանկութիւնս՝ ուրախ եւ քաղցր, որ կը թուի ըլլալ հեռաւոր յիշատակ մը: Յիշատակներ, որոնք ժամանակին ամբողջ կեանքս կը կազմէին, հիմա դարձած են անորոշ ու խառնուած մտքիս մէջ։ Կ՛ուզեմ յիշել կեանքս քու գիրկիդ մէջ, բայց որքան ալ փորձեմ, կարծես աւելի կը հեռանամ քեզմէ։

Քու հեռաւոր յիշատակդ բաւական է, որ զգամ թէ կեանքս կատարեալ է: Գիտեմ որ դուն միշտ հոն պիտի ըլլաս՝ այդ նոյն տեղը, ուր անցուցի ամբողջ մանկութիւնս, ուր մեծցայ, երազներ հիւսեցի ու ինքզինքս գտայ՝ իմ սիրելի մանկութեան տունս։

Երեք տարի անցած է այդ օրէն որ քեզմէ հեռացած եմ, բայց դեռ կը փնտռեմ քեզ` քու տաքութիւնդ ու բոլոր յատկանիշներդ։



bottom of page