top of page

ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ - Անճելինա Պոյաճեան


Վահրամ Մավեանի «Անկապ օրագիր» գրութեան հետեւութեամբ՝ մեր աշակերտները կը ներկայացնեն իրենց ապրումները:



ԻՄ ԱՌԱՋԻՆ ՍԷՐ


Օրեր անցած են, եւ քու անուշ ձայնդ չեմ լսած։ Ուր ալ երթամ քեզ կը փնտռեմ կարօտով։ Դուն միակն ես որ զիս կ՛ուրախացնես, երբ տխրիմ, քու երջանիկ ձայնդ կը մեղմացնէ հոգիիս ծանրութիւնը։ Կ՛ապրիմ քու զգացումներովդ, որոնք ինձ կը նուիրես անփոխադարձ։ Ներկայութիւնդ բոլորը կ՛ուրախացնէ, որովհետեւ մթնոլորտը բարեփոխելու կարողութիւնը ունիս: Այնքան խելացի եւ զգայուն ես, որ գիտես ինչպէս պէտք է վարուիս հետս, երբ ուրախ կամ տխուր զգամ։ Իմ յիշատակներուս մէջ ես յաւիտեան։ Աչքերս կ'արցունքոտին եւ սիրտս արագ-արագ կը տրոփէ, երբ նոյնիսկ քու մասիդ մտածեմ։ Կեանքիս բոլոր կարեւոր հանգրուաններուն անբաժան մասնիկն ես, առանց քեզի՝ ես ոչինչ եմ։


Քու սէրդ զիս մտքով զանազան ու տարբեր տեղեր կը փոխադրէ, եւ ոչ մէկ սէր, երբե՛ք, քու պարգեւած հանգստութիւնը, խաղաղութիւնը եւ գոհաբանութիւն չի կրնար տալ ինծի։ Մանկութենէս ի վեր սիրահարուած եմ, ու միշտ կարիքը ունիմ հետդ ըլլալու։ Խրախճանքներու ընթացքին հետդ պարեցի եւ ուրախացայ, իսկ դուն թիկունք կեցար, երբ նեղուած էի աշխարհէն, յոյս ու հաւատք ներշնչելով, որպէսզի յաղթահարեմ դժուարութիւններս ու կեանքս անխոչընդոտ շարունակեմ։ Վստահ եմ, որ մինչեւ կեանքիս վերջին օրը պիտի շարունակուի մեր սէրն ու յարաբերութիւնը, իմ շատ սիրելի եւ անփոխարինելի երաժշտութիւն։


Օրեր անցած են, եւ քու անուշ ձայնդ չեմ լսած։

bottom of page